2013-03-05 13:28:05

Կաթողիկէ Քահանայ Մը Նախայարձակումի Ենթարկուած է Լիպիացի Զինեալներէն` Լիպիա Ապրող Քրիստոնեաներու Կացութիւնը Վտանգալից է։


Վատիկանի ֆիտես լրատու գործակալութեան գնահատումին համաձայն Լիպիոյ քրիստոնեաներու կացութիւնը վատ է ու վտանգալից։ Անցեալ երկու մարտին կաթողիկէ քահանայ մը նախայարձակումի ենթարկուեցաւ զինեալի մը կողմէ Թրիփոլիի մէջ։ Քրիստոնեաները Լիպիոյ մէջ թիրախ են ծայրայեղ մահմետականներուն։ Անցեալ շաբաթ խումբ մը զինուորականներ յարձակում կատարած են եկեղեցւոյ մը դէմ ու երկու ղպտի քահանաներ վիրաւորած։
Լիպիա արտգործնախարարութիւնը դատապարտած է արարքը զայն որակելով որպէս հակառակ իսլամական կրօնին ու մարդու հիմնական իրաւունքներու միջազգային օրէնքին։ Նոյնպէս փետրուար ամսոյն մէջ 4 բողոքականներ ձերբակալուած են մարդորսորդութիւն կատարելու ամբաստանութեամբ։ Անցեալ շաբաթ լիպիական իշխանութիւնները ձերբակալած են շուրջ 100 քրիստոնեաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.